2014-03-10 09:50:33

''Ճշմարտութեան քաջութիւնը''` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին մամլոյ ասուլիսը Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի սրբութեան մասին`


Քահանայապետութենէն հրաժարումէն ետք, իր տուած առաջին մամլոյ ասուլիսին լեհ լրագրող Վլոտզիմիերծ Րէտզիոք-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը խօսեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի սրբութեան մասին, ''իմ համագործակցութեան տարիներուն ընթացքին տակաւ առ տակաւ սկսայ համոզուիլ անոր սրբութեան մասին'' – ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ վստակաւոր Քահանայապետը իր երկարաշունչ ասուլիսին ընթացքին որուն մէջ ոգեկոչեց իր նախորդին հետ ապրած սերտ բարեկամութիւնը։
Պենետիկտոս ԺԶ-ին գնահատումով ''ճշմարտութեան քաջութիւնը'' սրբութեան առաջին աստիճաններէն մէկն է։
Հաւատոյ ժողովի որպէս կառավարիչ կարտինալ Ժոզէֆ Ռացինկեր, 24 տարիներու ընթացքին սերտօրէն համագործակցեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին հետ։ Այդ համագործակցութեան յատկանիշը եղած է բարեկամութիւն ու գորով։
2005-ին իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը որոշեց իր նախորդին սրբութեան դատը տեսնել, անտեսելով 5 տարուայ սպասումի պարտադիր օրէնքը։
Վաստակաւոր Քահանայապետը ասուլիսին ընթացքին հաստատեց . ''Չէի կրնար եւ չէի ուզեր անոր նմանիլ, սակայն, լաւագոյնս կատարեցի յառաջ տանելու եւ ճանչցնելու անոր ժառանգութիւնն ու գործը։ Խորապէս երախտապարտ եմ լեհ Քահանայապետին եւ վստահ եմ որ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի բարութիւնն ու օրհնութիւնը մինչեւ օրս զիս կը պահպանեն ու ինծի կ'ընկերանան''։







All the contents on this site are copyrighted ©.